ԱՊԱՔԻՆՄԱՆ ՇՐՋԱՆ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ յայտնի համայնքային բարերար Արէտ Երկանեան երկու օրէ ի վեր արդէն վերադարձած է իր բնակարանը։ Ինչպէս հաղորդած էինք, վերջերս Արէտ Երկանեան ենթարկուած էր լուրջ գործողութեան մը։ Մէջքի շրջանի վերաբերեալ այդ ծանր վիրահատութիւնը տեւած էր շուրջ 11 ժամ։ Ան որոշ ժամանակէ մը ի վեր կը տառապէր մէջքի լուրջ ցաւերէ, որոնց հետեւանքով սահմանափակուած էր իր շարժունակութիւնը։ Արէտ Երկանեան այդ բոլորէն վերջ տուաւ դժուար որոշում մը եւ յանձն առաւ վիրահատութեան դժուարութիւնը։ Համայնքային շրջանակները օրերէ ի վեր մտահոգութեամբ կը հետեւէին իր դարմանման ընթացքին եւ կը յայտնէին բարոյական զօրակցութիւն։ Այդ բոլորէն վերջ, համայնքային շրջանակներուն համար ուրախառիթ եղաւ տեղեկանալ, որ Արէտ Երկանեանի ապաքինման շրջանը կ՚ընթանայ նախատեսուած հունին մէջ։ Ամենէն կարեւոր արդիւնքը այն է, որ յայտնի բարերարը դարձեալ ի վիճակի է բնականոն ձեւով քալելու։ Բժիշկները թէեւ որեւէ սահմանափակում չեն դրած իր առջեւ, սակայն ան կը ջանայ հնարաւորինս զգոյշ ըլլալ ներկայ նոր շրջանին։ Մէկ կողմէ ֆիզիքական դարմանման կ՚ենթարկուի մասնագէտներու կողմէ, իսկ միւս կողմէ անձնական ճիգ կը գործադրէ, եռանդ կը ներդնէ յետվիրահատական բարդութիւնները յաղթահարելու նպատակով։ Անշուշտ, այսպիսի ծանր գործողութենէ մը վերջ դժուար է ակնկալել, որ ան շուտով վերադառնայ բնականոն կեանքին, սակայն ի վերջոյ ներկայիս իր բարոյականը բարձրացած է, որովհետեւ այժմ բոլոր նախադրեալները կան մօտաւոր անցեալի համար լաւատես ըլլալու տեսակէտէ։ Համայնքային շրջանակներն ալ վերջին օրերուն սկսած են իրենց ապաքինման մաղթանքները փոխանցել Արէտ Երկանեանին, որու նկատմամբ մեծ համակրանք եւ խոր երախտագիտական զգացում կը տածեն տասնամեակներէ ի վեր ունեցած անփոխարինելի ներդրումի մը զօրակցութեան բերումով։

Այս դժուարին օրերուն համայնքային շրջանակները նաեւ իրենց բարոյական զօրակցութեան առարկայ դարձուցած են Արէտ Երկանեանի կողակիցը՝ Մոնիք Երկանեանը, որ ամուսնոյն ենթարկուած ծանր դարմանման օրերուն եղած է անոր կողքին, յանձն առնելով իրեն վիճակած զոհողութեան բաժինը։

Մինչ այդ, կը տեղեկանանք, որ Արէտ Երկանեանին արագ ապաքինման բարեմաղթանքներ եւ օրհնութիւններ փոխանցած են՝ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ այլ հոգեւոր հայրեր, որոնք տեղեկացուցած են, որ կ՚աղօթեն անոր լիակատար առողջութեան, բուժման համար։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2018