ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՀՆՉԵՑ 2018-2019 ԿՐԹԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ԶԱՆԳԸ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ 2018-2019 կրթական շրջանը դիմաւորուեցաւ մեծ խանդավառութեամբ։ Վերամուտի հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեան եւ իր գործակից ընկերները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սարվէն Սերթշիմշէք, տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու եւ ուսուցչական կազմը, տիկնանց կազմի ատենապետուհի Վերժին Պիւքիւճեան եւ իր գործակից ընկերները, յարակից մարմիններէն ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ հիւրեր։ Վերամուտի օրով, անշուշտ, արտասովոր խանդավառութիւն ապրեցան առաջին դասարանի փոքրիկները։ Անոնք ջերմօրէն շրջապատուեցան ուսուցչական կազմին կողմէ։ Դպրոցի բոլոր պատասխանատուներն ալ յաջողութեան մաղթանքներ յղեցին փոքրիկներուն։ Վերամուտի արարողութեան ներկայ էին նաեւ առաջին դասարանի սաներուն ծնողները, որոնց անունով արտայայտուեցաւ Սիպել Փէշտէմալճըկիլ։ Վերամուտի առթիւ շնորհաւորութեան խօսք մըն ալ արտասանեց տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու, որ յաջողութեան մաղթանքներ յղեց բոլոր արամեանցիներուն։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2018