«ԲԱՐԵԿԱՄ»Ի Գ. ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ

«Բարեկամ» ընկերային զօրակցութեան խմբակը ներկայիս կ՚ողջունէ իր հիմնադրութեան երրորդ տարեդարձը։ Համայնքային երիտասարդներու ապագան խրախուսելու ուղղեալ ծրագիրներու հետամուտ է այս խմբակը, որ առաջնահերթօրէն կը համագործակցի Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանին հետ։ Վերջին օրերուն «Բարեկամ»ի տարեդարձը նշուեցաւ հաւաքոյթով մը, որուն պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Ծափողջոյններու ներքեւ հատուեցաւ տարեդարձի կարկանդակը։

«Բարեկամ»ի անունով յուշանուէրներ յանձնուեցան Գարակէօզեան տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլին եւ Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Գալայճըին, որոնք կը խրախուսեն այս խմբակին աշխատանքները։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2023