«ՅՈՒՇԱՄԱՏԵԱՆ» ՆԱԽԱԳԾԻՆ ՇՐՋԱԳԾՈՎ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ԱՇԽԱՏԱՆՔ՝ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
«Յուշամատեան» նախագիծը, որ 2010 թուականէն ի վեր կը գործէ Պերլինի մէջ, նպատակ կը հետապնդէ զանազան ծրագրերու միջոցով վերականգնել Օսմանեան կայսրութեան տարածքին ապրած հայութեան բնաշխարհն ու կենսակերպը։ «Յուշամատեան» նախագիծը վերջին տարիներուն կը համագործակցի նաեւ հայկական վարժարաններուն հետ՝ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի հովանաւորութեամբ։
Այս շրջագծով, անցեալ շաբթուան ընթացքին, «Յուշամատեան»ի ներկայացուցիչ Շողեր Մարկոսեան Մխիթարեան վարժարանի յարկէն ներս շահեկան աշխատանք մը տարաւ բարձրագոյն կարգերու աշակերտներուն հետ։ Պատանիները իրենց ընտանեկան ժառանգութեան մաս կազմող հնութիւնները ներկայացուցին՝ լուսանկարելով զանոնք եւ պատմելով նաեւ այդ իրերուն շուրջ հիւսուած պատմութիւնները։ Իրերը դադրեցան լոկ առարկաներ ըլլալէ եւ վերածուեցան, օրինակ, ակնցի ընտանիքի մը կամ բաղիշեցի ծնողներու ոդիսականը պատմող խորհրդանշաններու։
Աշխատանքի աւարտին, տղաքն ու Շողեր Մարկոսեան փոխադարձ գոհունակութեամբ հրաժեշտ տուին իրարու՝ խոստանալով պահել հաղորդակցութիւնը, ինչպէս նաեւ ըլլալ աւելի ուշադիր ընտանեկան հնութիւններու նկատմամբ։