ՇԻՇԼԻՑԻՆԵՐԸ ԸՆԴՈՒՆՈՒԵՑԱՆ ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶԻ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ԿՈՂՄԷ
Մարմնամարզի ու երիտասարդութեան նախարար Օսման Աշքըն Պաք երէկ հիւրընկալեց Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաքն ու գործակից ընկերները։ Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որուն ներկայ էր նաեւ Իսթանպուլի երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլու։ Ծանօթ է, որ անցեալ եղանակին Շիշլի երկրորդ անգամ անընդմէջ նուաճած էր Թուրքիոյ ֆութսալի լիկի ախոյենութեան կոչումը։ Ուստի, վարչայինները նախարարին ներկայացան ախոյենութեան բաժակով։ Նախարար Պաք ուրախութիւն յայտնեց եւ շիշլիցիները շնորհաւորեց՝ այդ ախոյենութեան հիման վրայ երկիրը լաւագոյնս ներկայացուցած ըլլալու բերումով։ Զրոյցի ընթացքին վարչայինները ամփոփ տեղեկութիւններ տուին Շիշլիի պատմութեան եւ այժմու գործունէութեան մասին։ Անոնք յուշանուէր մըն ալ յանձնեցին նախարարին, որ խոստացաւ յարմար առիթով մը ակումբ այցելել։