ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ «ԱՐՄԱՇ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ՀԱՄԵՐԳՈՎ ՄԸ ՀԱՆԴԷՍ ՊԻՏԻ ԳԱՅ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան Գում­գա­բուի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան դպրե­վան­քի տե­սուչ Տ. Թոր­գոմ Վրդ. Տօ­նո­յեա­նը։ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սի օրհ­նու­թեամբ, Տ. Թոր­գոմ Վրդ. Տօ­նո­յեան Իս­թան­պուլ այ­ցե­լեց խորհր­դակ­ցու­թիւն մը ու­նե­նա­լու հա­մար Նո­րին Սրբազ­նու­թեան հետ։ Հայր Սուր­բը նշեց, թէ Պոլ­սոյ Ա­թո­ռի նախ­կին գա­հա­կալ­նե­րէն Շնորհք Պատ­րիարք Գա­լուս­տեան 1941 թուա­կա­նին պաշ­տօ­նի կո­չուած էր որ­պէս Ան­թի­լիա­սի դպրե­վան­քի տե­սուչ։ Ներ­կայ տես­չու­թիւնն ալ ե­րախ­տա­գի­տա­կան մղում­նե­րով մշա­կած է ծրա­գիր մը, ո­րով կը նա­խա­տե­սուի Ան­թի­լիա­սի դպրե­վան­քի «Ար­մաշ» երգ­չա­խում­բին մաս­նակ­ցու­թեամբ Իս­թան­պու­լի մէջ կազ­մա­կեր­պել հա­մերգ մը։ Ծրա­գի­րը ձօ­նուած է նախ­կին պատ­րիար­քի վախ­ճան­ման 25-ա­մեա­կին։ Տ. Թոր­գոմ Վրդ. Տօ­նո­յեան այս կա­պակ­ցու­թեամբ շօ­շա­փեց Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի կար­ծի­քը եւ ու­նե­ցաւ գա­ղա­փա­րի փո­խա­նա­կում­ներ։

Ող­ջու­նե­լով Տ. Թոր­գոմ Վրդ. Տօ­նո­յեա­նը՝ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը սոյն ծրագ­րին մտայ­ղաց­ման կա­պակ­ցու­թեամբ ար­տա­յայ­տեց իր գնա­հա­տան­քը։ Ան հա­ւա­նու­թիւն տուաւ, որ­պէս­զի Ս. Զատ­կի տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րէն վերջ կեան­քի կո­չուի այս ծրա­գի­րը։ Ո­րո­շուե­ցաւ, որ Ապ­րիլ ամ­սուան կէ­սին կազ­մա­կեր­պուի սոյն հա­մեր­գը, ո­րուն հա­մար նա­խա­տե­սուած աշ­խա­տանք­նե­րը պի­տի հա­սուն­նան յա­ռա­ջի­կա­յին։

Երեքշաբթի, Փետրուար 2, 2016