ՀԱՄԱԿԱՐԳԻ ՄԷՋ ՆՈՐ ՈՐՈՆՈՒՄՆԵՐ
Պատրիարքական Աթոռը եւ Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը (ԹՎՄ-ERVAB) այս շրջանին աշխատանք կը տանին İtimat Büro-ի գործունէութիւնը կատարելագործելու եւ ընդհանուր համակարգը աւելի գործնական դարձնելու ուղղութեամբ։ Վերջին ընտրութիւններով գործի գլուխ եկած համայնքային աշխարհական վարիչները անցնող ժամանակաշրջանին İtimat Büro-ի գործունէութեան մէջ կարգ մը փոփոխութիւններու սպասումներ բարձրաձայնած են։ Նկատի ունենալով, որ համայնքային ներքին այս նուիրահաւաքման համակարգը նոր պահանջներու յարմարեցման ճկունութիւնը միշտ ունի, այժմ Պատրիարքական Աթոռն ու ERVAB-ը այս ուղղութեամբ շարժման անցած են, որպէսզի հարթ անցում մը կազմակերպուի եւ համայնքային նորընտիր վարիչներու պահանջները բաւարարուին։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ այս կապակցութեամբ նամակ մը ուղարկած է Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուին, որ ի պաշտօնէ կը գլխաւորէ ԹՎՄ-ը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս առթիւ դիտել տուած է, որ նպատակայարմար կը նկատէ ERVAB-ի տնտեսական յանձնախումբին կողմէ այս նիւթին ուսումնասիրութիւնը։ Նորին Ամենապատուութիւնը նպատակայարմար համարած է նաեւ, որ İtimat Büro-ի պատասխանատուները եւս ընդգրկուին աշխատանքին։
Հարկ է նշել, որ 2016 թուականէն ի վեր İtimat Büro-ի գլխաւոր պատասխանատուն է երէցկին Նարօտ Միւրզօղլու։