ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՄԱՌՆԱՄՈՒՏԻ ԿԵՆՍՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆ

Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութենէն ներս ներկայ ամառնամուտին թափ ստացած են գործունէութիւնները։ Նորահասներու համար այս շրջանին նախատեսուած է նկարազարդման աշխատանոց մը, որու ծրագիրը կեանքի կը կոչուի Թանիա Հանչէրօղլուի կողմէ։ Ճատրակն ալ միշտ ուշադրութեան առարկայ կը մնայ միութենէն ներս։ Աշխատանքները կը շարունակուին Սեւան Հատտէլէրի հսկողութեան ներքեւ։ Միութիւնը կ՚ապահովէ զանազան մրցաշարքերու մասնակցութիւն։

Կանանց համար նախատեսուած «Կենաց ծառ» գեղարուեստական աշխատանոցն ալ այս շրջանին թափ հաւաքած է։

Ի լրումն այս բոլորին, միութեան «Նշան Հանչէր» թատերախումբն ալ կը շարունակէ փորձերը եւ կը պատրաստուի յառաջիկայ մայիսին հանդէս գալ ներկայացումներով։

Շաբաթ, Ապրիլ 2, 2022