ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆԻ ՀՈՒՆՁՔԸ

Կեդրոնական վարժարանի 2020-2021 տարեշրջանի հունձքը նախընթաց օր աւանդական հանդէսով մը հրաժեշտ տուաւ կրթօճախին։ Դպրոցը այս տարի ունի 53 շրջանաւարտ։ Վկայականի բաշխման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ վարժարանի սրահին մէջ, ուր անոնց ուղղեալ շնորհաւորութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան։ Ներկաներու շարքին էին Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլու եւ իր գործակից ընկերները, դպրոցի հիմնադրի ներկայացուցիչ Կարպիս Պալմումճու, կրթական մշակներ, յարակից մարմիններու ներկայացուցիչներ, շրջանաւարտներու ընտանիքները եւ հիւրեր։

Հանդէսի ընթացքին ընթացաւարտներուն յանձնուեցան յուշանուէրներ։ Այս տարուայ յաջողագոյններն էին՝ Քամի Իւլիւթաշ, Շիլա Եանար, Լուսին Պէպէք, Աքսել Քեշիքճիօղլու, Հերոս Քարա, Սելեն Անայիս Արթուչ եւ Ճուլիանա Պուլմուշ։

Յայտագրի գործադրութենէն վերջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին հատուեցաւ նաեւ շրջանաւարտներուն ի պատիւ պատրաստուած կարկանդակը։ 

Ուրբաթ, Յուլիս 2, 2021