ՆՈՒՐՀԱՆ ՍՈՅՔԱՆԻՆ ԱՅՑԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նախընթաց օր, ընդունեց Նուրհան Սոյքանը, որ Գերմանական միջկրօնական ծրագրի մը համակարգողն է։ Հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որու ընթացքին Սոյքան տեղեկութիւններ փոխանցեց իրենց ծրագրի կապակցութեամբ եւ յայտնեց, թէ միջկրօնական շրջագիծով կը ջանան զանազան կրօններու միջեւ կամուրջ մը հաստատել։ Իբր այդ, իրենք յատուկ ուշադրութեամբ կը հետաքրքրուին Գուզկունճուքի հետ, ուր եկեղեցին, մզկիթը եւ սինակոկը կողք կողքի կը գտնուին։

Պատրիարք Հայրը լսելէ ետք ծրագրի մանրամասներու մասին, յայտնեց իր գաղափարները ու բարեմաղթանքներ ըրաւ՝ միջկրօնական յարաբերութիւններու զարգացման համար։ Ան մասնաւորապէս յաջողութիւն մաղթեց նաեւ Նուրհան Սոյքանին։

Ուրբաթ, Յուլիս 2, 2021