ՎԱՐԴԱՎԱՌԻ ՀՐԱՒԷՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նախընթաց օր, յետմիջօրէին, ընդունեց Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ երէց Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեանն ու թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Էնկինը։

Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցաւ քաղաքավարական այս այցելութիւնը, որու ընթացքին հիւրերը Նորին Ամենապատուութեան ուշադրութեան յանձնեցին, թէ եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութիւնը պիտի կատարուի յառաջիկայ յուլիսի 11-ին, Պայծառակերպութեան (Վարդավառ) տօնին։ Անոնք Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը ստանալէ յետոյ զինք հրաւիրեցին տօնախմբութեան նախագահելու։ Այս շրջագիծով անոնք տեղեկութիւններ փոխանցեցին նաեւ իրենց աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն մասին։

Պատրիարք Հայրը լսեց փոխանցուած տեղեկութիւնները ու ըրաւ հայրական թելադրութիւններ։ Ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց համավարակի առկայ մթնոլորտը, իսկ միւս կողմէ ուրախութիւն յայտնեց, թէ այս տարի կարելի պիտի ըլլայ տօնախմբութիւնը կատարել ժողովուրդի մասնակութեամբ։ Մեր Հոգեւոր Պետը կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց աստուածահաճոյ եւ եկեղեցանուէր գործունէութեանց մէջ։

Ուրբաթ, Յուլիս 2, 2021