ՊԵՏՐՈՍ ՇԻՐԻՆՕՂԼՈՒ. «ՄԵՐ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՀԱՐՑՆ Է ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՀԱՆԴԻՊԱԿԱՑ ՏԱՐԱԾՔԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ»

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու երէկուան հանդիպման կապակցութեամբ այս առաւօտ մեզի յայտնեց հետեւեալը.

Ներկայիս մեր հիմնական խնդիրն է հիւանդանոցի հանդիպակաց երբեմն բանջարանոցի տարածքի սեփականութեան իրաւունքի վերաձեռքբերումը։ Ես երկար ժամանակ առաջ այս հարցը յանձնած էի Հանրապետութեան նախագահ Պարոն Էրտողանի նկատառման։ Մեր կալուածաթուղթերը ստացած էինք։ Աւելի վերջ, հիւանդանոցի շրջանի քաղաքապետը պարոն նախագահին միտքը պղտորեց, թէ ես կը ստեմ, կեղծ տուեալներ կը ներկայացնեմ։ Մենք ո՛չ ուրիշ վաքըֆի մը սեփականութեան վրայ աչք ունինք, ո՛չ ալ կեղծ տուեալներ կը ներկայացնենք։ Միակ ճշմարտութիւնը այն է, որ այդ տարածքը մեր հիւանդանոցին կը պատկանի։ Երէկուան հանդիպման ընթացքին ալ նշեցի, որ ես պարոն նախագահին նկատմամբ հաւատք կը տածեմ եւ համոզուած եմ, թէ այդ տարածքը ի վերջոյ մեզի պիտի յանձնուի։

Մեր պետութիւնը մեզի նկատմամբ որեւէ ժխտական մօտեցում կամ վերաբերմունք չունի։ Եթէ բարեացակամ մօտեցում չըլլար, ապա վերջին տարիներուն այսքան կալուածներ մեզի չէին վերադարձուեր։ Հետեւաբար, այս համոզումէն առաջնորդուելով ես խօսեցայ մեր երբեմնի բանջարանոցի տարածքին եւ Պէյքոզի խնդրին մասին։ Ես գիտեմ, որ պարոն նախագահը մեծապէս կը կարեւորէ Պէյքոզին փոխանցուած գումարներուն նպատակասլաց ձեւով արժեւորումը՝ մեր համայնքի ապագային տեսակէտէ։ Իմ ներկայութեամբ տուած է կարգ մը հրահանգներ։ Ուստի, այդ խնդիրն ալ շօշափեցի։

Ես երէկուան հանդիպման ընթացքին ընտրութիւններու հարցին շուրջ չխօսեցայ, որովհետեւ համապատասխան հարցերը ընդհանրապէս մեր համայնքի ներքին կացութենէն ծնունդ կ՚առնեն, ուստի յարմար չդատեցի այդ մասին արտայայտուիլ։

Մենք այս երկրի քաղաքացիներն ենք։ Լաւ օրով ալ, վատ օրով ալ կ՚ընթանանք մեր երկրին հետ։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 2, 2018