ՌՈՒՏԻ ԹԵՄԻԶԷԼ ԵՒ ԱՅԳ ՅԱԿՈԲ ՉԻՉԵՔՕՂԼՈՒ ՓԱՅԼՈՒՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆ ԱՐՁԱՆԱԳՐԱԾ ԵՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՄՏԻՑ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ
2021-2022 կրթական շրջանի վերամուտին ընդառաջ յայտնի դարձած են նաեւ համալսարանի մտից քննութիւններուն արդիւնքները։ Ուրախառիթ է, որ մեր համայնքէն երկու արժէքաւոր երիտասարդներ յաւակնոտ յաջողութիւններ արձանագրած են՝ քննութիւններու միլիոնաւոր մասնակիցներու կարգին մաս կազմելով առաջին 5 հազար յաջողագոյններու շարքին։ Այսպէս, Ռուտի Թեմիզէլ հանդիսացած է Թուրքիոյ 1110-րդը եւ իրաւունք շահած՝ մուտք գործելու Իսթանպուլի համալսարանի Ճերրահփաշայի բժշկութեան ֆաքիւլթէն։
Այգ Յակոբ Չիչեքօղլուն ալ 4800-ական հորիզոնները զբաղեցնել յաջողած է եւ յառաջիկայ շրջանին պիտի յաճախէ Իսթանպուլի համալսարանի իրաւաբանութեան ֆաքիւլթէն։
Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Ռուտի Թեմիզէլն ու Այգ Յակոբ Չիչեքօղլուն, որոնք Մխիթարեան վարժարանի փայլուն սաներէն են եւ իրենց յարատեւ յաջողութիւն կը մաղթենք՝ համալսարանական ուսման տարիներուն։