ԱՇՈՏ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ՔԱՂԱՔԻՍ ՄԷՋ ԵԼՈՅԹ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ «ՀԱՅՃԱՐ»Ի ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ
«Հայճար»ի նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին քաղաքիս մէջ ելոյթ մը ունեցաւ Հայաստանի Ճարտարապետական թանգարանի տնօրէն Աշոտ Գրիգորեան։ Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ կազմակերպուած երեկոյթին ընթացքին ողջոյնի խօսքը մը արտասանեց «Հայճար»ի վարչութեան ատենապետ Ժան Կավրիլոֆ։ Աւելի վերջ հանդէս եկաւ Աշոտ Գրիգորեան, որ միեւնոյն ժամանակ այս բնագաւառին մէջ կը դասախօսէ։ Աշոտ Գրիգորեան մանրամասն անդրադարձաւ Պալեան գերդաստանի ճարտարապետական ժառանգութեան՝ ծանօթ ու անծանօթ երեսակներով։ Ան այդ ժառանգութեան պտուղները որակեց նուիրական աւանդ։ Հարկ է նշել, որ մօտաւոր անցեալին Հայաստանի Ազգային ճարտարապետական թնագարանին մէջ տեղի ունեցած էր Պալեաններու վերաբերեալ ցուցահանդէս-ելոյթ մը, որու կրկնութիւնն էր խորքին մէջ շաբաթավերջին քաղաքիս մէջ կազմակերպուածը։ Աշոտ Գրիգորեան ձեռնարկի աւարտին պատասխանեց նաեւ ներկաներու հարցումներուն։