ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ-ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, երեկ ընդունեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի տնօրէն խորհուրդը՝ գլխաւորութեամբ դասուն նախագահ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեանի: Անոնք փոխանորդ սրբազան հայրը հրաւիրեցին Սահակեան դպրաց դասու հիմնարկութեան  տարեդարձի առթիւ մատուցուելիք Ս. Պատարագին: Հիւրերը մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեցին դպրաց դասէն ներս կատարուած աշխատանքներու մասին: Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ուրախութեամբ տեղեկացաւ, թէ մօտ հարիւր հոգիէ բաղկացեալ պատանեկան երգչախումբ մը կազմելու աշխատանք կը տարուի:

Սահակեան դպրաց դասը Պոլսոյ դպրաց դասերէն ամենահինն է, որ աւելի քան երեք դարէ ի վեր  կը շարունակէ իր գոյութիւնը: Նորին սրբազնութիւնը իր գոհունակութիւնը յատնեց տարուած աշխատանքներուն համար եւ նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց:

Անոնք Պատրիարքարանէն հրաժեշտ առին արժանանալով սրբազան հօր օրհնութեան ու գնահատանքին:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 2, 2018