ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԿՈՄԻՏԱՍԻ ՁԵՌՆԱՐԿ

Կեդրոնական սանուց միութեան մէջ շաբաթ յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ Կոմիտաս Վարդապետին ձօնուած ձեռնարկ մը։ Իր ծննդեան 150-ամեակին առթիւ կազմակերպուած հանդիսութիւններու շարքը այսպէսով համալրուեցաւ՝ «Փրկիչ» հրատարակչութեան նախաձեռնութեամբ։ Մշակութասէր շրջանակներէ դէմքեր լեցուցած էին սրահը։ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանն ալ պատուեցին ձեռնարկը։ Ներկայ էր նաեւ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան։

Այս ձեռնարկը թէ՛ երաժշտական ունկնդրութիւն մըն էր, թէ՛ ասուլիս մը եւ թէ գիրքերու ծանօթացման հաւաքոյթ մը։ Տիրան Լոքմակէօզեան եւ Ռուբէն Կալաչեան ներկայացուցին իրենց գիրքերը եւ մակագրեցին զանոնք։ Նոյն ամբողջին մէջ նաեւ անոնք պատասխանեցին ներկաներու հարցումներուն։ Ասուլիսի բաժնին մէջ հանդէս եկաւ նաեւ իրաւաբան Սարօ Պենկլեան։

Յայտագրի տեւողութեան Տիրան Լոքմակէօզեան հանդէս եկաւ նաեւ Կոմիտասի գործերու կատարումներով՝ դաշնակի նուագակցութեամբ Աննա Գէորգեանի, որ առանձնապէս ալ մեկնաբանեց քանի մը կտորներ։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2019