ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎՐԺ.ԷՆ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՍԱՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՍՈՒՐԲ ՓՐԿԻՉ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑ

Գա­տը­գիւ­ղի Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նէն խումբ մը ա­շա­կերտ­ներ վեր­ջերս այ­ցե­լե­ցին Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նոց։ Մեր հա­մայն­քի մե­ծա­գոյն բա­րեն­պա­տակ հաս­տա­տու­թեան հա­մա­լի­րէն ներս ա­նոնք ու­նե­ցան վառ տպա­ւո­րու­թիւն­ներ։ Հի­ւան­դա­նո­ցի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րու­հի Սիլ­վա Թրի­քա­յի կող­մէ դի­մա­ւո­րուե­ցան տղա­քը, ո­րոնք հի­ւան­դա­նո­ցի պատ­մա­կան հա­մա­լի­րէն ներս կա­տա­րե­ցին շրջայց մը։ Ի­րենց հա­մար ա­ռանձ­նա­պէս հե­տաքրք­րա­կան էր «Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու» թան­գա­րա­նը։ Շրջայ­ցի ըն­թաց­քին ա­շա­կերտ­նե­րը ման­րա­մասն տե­ղե­կու­թիւն­ներ քա­ղե­ցին Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի պատ­մու­թեան եւ ծա­ւա­լած գոր­ծու­նէու­թեան շուրջ։ Ա­րա­մեան­ցի­նե­րը ծա­նօ­թա­ցան նաեւ Հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լուի հետ, որ ա­նոնց յղեց յա­ջո­ղու­թեան մաղ­թանք­ներ։

Ա­շա­կերտ­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ ե­զա­կի փոր­ձա­ռու­թիւն մըն էր Գթու­թեան յար­կի մնա­յուն բնա­կիչ­նե­րուն հետ ծա­նօ­թու­թիւ­նը։ ԶԻ­ՊԷՉ-ի կեդ­րո­նին մթնո­լորտն ալ շնչե­ցին ա­րա­մեան­ցի­նե­րը, ո­րոնց հա­մար շատ յատ­կան­շա­կան էր Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցէն ներս մա­տու­ցուած ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րուն բազ­մա­կող­մա­նի բնոյ­թը։

Այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին ա­շա­կերտ­նե­րուն ըն­կե­րա­ցան Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նի հա­յե­րէ­նի ու­սուց­չու­հի­նե­րէն Նաժ­տա Տե­միր­ճիօղ­լու եւ Թա­մար Ման­կա­սար։ 

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 20, 2016