ԶԷՔԻԵԱՆ ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌ ԲԱՆԱԽՕՍԵՑ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան երէկ բանախօսութիւնով մը հանդէս եկաւ Մխիթարեան վարժարանին մէջ։ Օրուան նիւթն էր Ս. Գրիգոր Նարեկացին, որ անցեալ տարի Վատիկանի կողմէ հռչակուեցաւ «Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ»։
Ձեռնարկին ներկայ էին Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Սարգիս Ծ. Վրդ. Էրմէն, Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, վարժարանի մատակարար մարմնի ատենապետ Արման Քամար եւ իր ընկերները, տնօրէնուհիներ՝ Եւա Օրաքեան, Էլտա Գարակէօզեան եւ Քաթիա Վարկը, ինչպէս նաեւ ուսուցիչներ, աշակերտներ ու ծնողներ։
Հաւաքոյթի սկիզբին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Սեւան Տէյիրմենճեան։ Աւելի վերջ Զէքիեան Գերապայծառ անդրադարձաւ Նարեկացիի կեանքին ու գործունէութեան, իրեն ծնունդ տուած պայմաններուն ու միջավայրին։ Նարեկացիի ժառանգութիւնը լուսարձակի տակ առնելու ժամանակ Գերապայծառը մասնաւորապէս անդրադարձաւ «Մատեան ողբերգութեան»ին վրայ։ Զէքիեան Գերապայծառ շեշտեց նաեւ, թէ Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցին ունի տասնեակ հազարաւոր սուրբեր, սակայն տիեզերական վարդապետի կոչումին արժանացածներուն թիւը Ս. Գրիգոր Նարեկացիով դարձաւ երեսունվեց։
Բանախօսութեան աւարտին Գերապայծառը պատասխանեց նաեւ աշակերտներու հարցումներուն, մինչ Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեանի ձեռամբ իրեն յանձնուեցաւ յուշանուէր մը։
Յաջորդած ընդունելութեան ընթացքին դպրոցի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ անմիջական մթնոլորտով զրոյց մը։