ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ԴՊՐՈՑԻՆ ՄԷՋ Ս. ԶԱՏԿԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցին մէջ Ս. Զատիկը նշուեցաւ մեծ խանդավառութեամբ։ Զատկական աւանդական հանդէսը առիթ դարձաւ, որպէսզի բոլորը ըմբոշխնեն տօնական ոգեւորութիւնը։ Թէ՛ մանկապարտէզի եւ թէ դպրոցի բոլոր դասարաններուն մէջ տեղի ունեցան հաւկթամարտեր։ Աշակերտներու եւ կրթական մշակներու տօնական ուրախութեան միացան նաեւ դպրոցի կամաւոր հոգաբարձուներ՝ Արթօ եւ Դալար Հորոզօղլու ամոլը, որոնք նուէրներ ալ պատրաստած էին սաներուն համար։ Տղոց փոխանցուեցան նաեւ մեր համայնքէն Մարի Սէհէրեըլտըզըի կողմէ ուղարկուած նուէրները։ Խրախճանքի եզրափակիչ փուլին բոլորը փոխանակեցին «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց» տաղաւարի աւետիսը։  

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 20, 2022