ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ

SEV հիմնարկէն ներս վերջերս գումարուեցաւ հերթական ընդհանուր ժողով, որու ընթացքին ընտրուեցաւ նոր վարչական կազմը։ Համագումարի դիւանը գլխաւորեց Հերման Պալեան, որ Հապիպ Էօզֆուրունճուի եւ Մկրտիչ Թիմուրճուօղլուի հետ պիտի վարէ այդ պաշտօնը։

Ժողովի ընթացքին SEV-ի վարչութեան ատենապետ Հայկ Ասլանեան հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։ Ատենադպիր Սիմոն Արթուչ ներկայացուց ելմտական տեղեկագիրը։ Թէ՛ այս տեղեկագիրը եւ թէ նոր տարուան պիւտճէն վաւերացուեցաւ միաձայնութեամբ։ Օրակարգի միւս նիւթերու քննարկումէն վերջ ընտրութիւն կատար-ւեցաւ եւ յառաջիկայ հինգ տարիներու համար վարչութեան կազմը ձեւաւորուեցաւ ըստ հետեւեալի.

Հայկ Ասլանեան, Արէտ Երկանեան, Սիմոն Արթուչ, Պետրոս Շիրինօղլու, Տիգրան Կիւլմէզկիլ, Սարգիս Քիւլէկէչ, Վահէ Տաղտեւիրէնէլ, Պօղոս Հեճինօղլու, Շաքէ Եալչըն, Թունա Էնկին, Մկրտիչ Արծիւեան, Անի Փէքքիւչիւքեան, Դալար Փոլատ եւ Մուրատ Կիւտիւճիւ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 20, 2018