ԿՐԵՏԷԻ ՄԷՋ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան վերջերս այցելեց Կրետէ կղզի, Յունաստան։ Յառաջիկայ տարի պիտի նշուի տեղւոյն Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 350-ամեայ յոբելեանը։ Այս առթիւ տեղւոյն հայութիւնը կը նախատեսէ շուքով արժեւորել այս փուլը։ Ուստի, նորին սրբազնութեան ուղեւորութեան նպատակն էր՝ հետամուտ ըլլալ յոբելեանի նախապատրաստական աշխատանքներուն։ Կրետէի Ծխական խորհուրդի ատենապետ Անտոնիս Պենարտիս եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրասիրեցին պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը։

Պատրիարքարանի դիւանի հաղորդումներով, նոյն օրերուն Կրետէ այցելեց նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան։ Արդարեւ, յառաջիկայ տարուան յոբելեանին առթիւ ազգիս Վեհափառ Հայրապետը՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հովուապետական այցելութիւն մը պիտի շնորհէ Կրետէ կղզիի հայ համայնքին։ Ուստի, երկու սրբազանները միասնաբար ձեռնամուխ եղան նախապատրաստական աշխատանքներուն։

Կրետէի մէջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան ընդունուեցան նահանգապետ Ամաութաքիս Սթաւրոսի կողմէ։ Ներկայ էին նաեւ Ծխական խորհուրդի ատենապետ Անտոնիս Պենարտիս եւ գանձապահ Սենտի Աւետիսեան։ Նահանգապետին հետ զրոյցի ընթացքին սրբազանները մատնանշեցին, որ յաջորդ տարի նախատեսուած յոբելենական հանդիսութիւններուն մասնակցութիւն պիտի բերէ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը, ինչ որ պատմական իմաստ կը ներկայացնէ։ Նոյն առթիւ Իսթանպուլէն պարախումբ մը եւ երգչախումբ մըն ալ պիտի այցելէ Կրետէ։ Սրբազանները ջերմ զրոյցի ընթացքին նահանգապետի նկատառման յանձնեցին, որ կ՚ակնկալեն տեղւոյն իշխանութիւններու թէ՛ նիւթական եւ թէ բարոյական զօրակցութիւնը։ Իր կարգին, նահանգապետն ալ խոստացաւ շարժման անցընել իր լծակները եւ ցուցաբերել հնարաւոր աջակցութիւնը։ Ընդունելութեան աւարտին տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում։

Երկու սրբազանները Կրետէի մէջ այցելեցին նաեւ քաղաքապետարան։ Նկատի ունենալով, որ քաղաքապետը գործուղղման մէջ կը գտնուէր՝ անոնք տեսակցեցան քաղաքապետի տեղակալ Արթիսթէա Փիեւրի հետ։ Նոյն բացատրութիւնները փոխանցուեցան նաեւ քաղաքապետարանին մէջ։ Իր կարգին, փոխ-քաղաքապետն ալ պատրաստակամութիւն յայտնեց ցուցաբերել հնարաւոր աջակցութիւնը՝ որպէսզի լաւագոյնս արժեւորուի կղզիի փոքրաթիւ հայ համայնքի այս կարեւոր յոբելեանը։

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան Կրետէ կղզիին մէջ ընդունուեցան նաեւ Յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ վիճակաւոր նորին սրբազնութիւն Տ. Իրինէոս մետրապոլիտին կողմէ։ Հոգեւոր հայրերու զրոյցը տեղի ունեցաւ եղբայրական ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։ Հարկ է նշել, որ Իրինէոս մետրապոլիտ դասընկերն է Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. տիեզերական պատրիարքին։ Հարկ է նշել, որ Կրետէ կղզին մաս կը կազմէ Յունաստանի այն 12 կղզիներու շարքին, որոնք կը գտնուին Պոլսոյ Յունաց պատրիարքարանի հոգեւոր իշխանութեան սահմաններուն մէջ։ Երկու սրբազանները մետրապոլիտին ալ բացատրութիւններ տուին յառաջիկայ տարուան յոբելեանին մասին։ Ան պատրաստակամութիւն յայտնեց՝ ցոյց տալու համար օժանդակութիւն։ Հանդիպման աւարտին նոյնպէս տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում։

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան մօտալուտ յոբելեանին շուրջ խորհրդակցեցան նաեւ Կրետէի Ծխական խորհուրդի անդամներուն հետ, որոնց փոխանցեցին իրենց օրհնութիւնը եւ յաջողութեան մաղթանքները։ Սրբազանները գնահատեցին Ծխական խորհուրդի կողմէ տարուած աշխատանքը, որու շնորհիւ վառ կը պահուի Կրետէի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ կանթեղը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 20, 2018