ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԵՐԷԿ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին նախագահեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ։ Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնի օրուան առթիւ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ, աւանդական արարողութիւններ տեղի ունեցան՝ հոծ թիւով հաւատացեալներու մասնակցութեամբ։ Օրուան պատարագիչն էր Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի հոգեւորականաց դասէն Տ. Վազգէն Ծայրագոյն Վարդապետ Քարայեան, որ հիւրաբար կը գտնուի քաղաքիս մէջ։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Սեդրակ Սրկ. Տավութհան, Սայաթ Սրկ. Չընարեան, Արմենակ Սրկ. Գազանճեան եւ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի անդամներուն կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յովսէփ Գույումճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Լիւսի Գահվէճիօղլուի։
Օրուան քարոզին մէջ Ամենապատիւ Ս. Պատրիարք Հայրը բացատրեց, որ եկեղեցին Աստուծոյ արքայութիւնն է երկրի վրայ։ Ան բացատրեց, որ Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնը Հայ Եկեղեցւոյ հաստատման տօնն է ու տարեդարձը՝ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի շինութեան, ըստ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի տեսիլքին։
Ս. Պատարագէն վերջ Նորին Ամենապատուութեան հանդիսապետութեամբ կատարուեցաւ մաղթանք՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի անսասանութեան համար։
Տեղի ունեցաւ նաեւ հոգեհանգստեան պաշտօն։