ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ։ Ատենապետ Եդուարդ Այվազեանի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը լուրջ աշխատանք տարած էր նախընթաց օրուան տեղատարափին հետեւանքով ստեղծուած վնասը հնարաւորինս յաղթահարելու համար։ Ջրահեռացման այդ աշխատանքներէն վերջ երէկ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ՝ ձեռամբ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեանի։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Զանազան թաղերէ փութացած հաւատացեալներ լեցուցած էին եկեղեցին։ Երգեցողութիւնները գլխաւորեց Նշան Սրկ. Չալկըճեան։ Ս. Պատարագին մասնակից հաւատացեալները ստացան նաեւ Ս. Հաղորդութիւն։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին եւ երգեցողութիւնները իրականացուցին՝ Մուրատ Սրկ. Քարաքաշ (Գանատա), Հրաչ Սրկ. Սուրէնեան (Արժանթին), Գրիգոր Սրկ. Քիւչիւքիւթիւճիւ (Պրազիլ), Կարպիս Սրկ. Չիչէքեան (Գանատա), Վարդան Սրկ. Էլմասեան (Աւստրալիա), Սեւան Կսսրկ. Արապեան, Մուրատ Կսսրկ. Իչլինալչա, Գէորգ Թիւյսիւզեան, Եփրեմ Միհրանեան, Անդրանիկ Տուփինեան եւ Հաճը Եըլմազ։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ թաղային խորհուրդը եկեղեցւոյ յարակից պարտէզին մէջ սարքեց սիրոյ սեղան մը։ Տիկնանց կազմին կողմէ պատրաստուած բացօթեայ սեղաններուն շուրջ բոլորը ունեցան հաճելի ժամանց։