ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԵՐԴԻՔԻՆ ՏԱԿ ԳԻՐՔԻ ԾԱՆՕԹԱՑՄԱՆ ՇԱՀԵԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅԹ
Կեդրոնական սանուց միութեան մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ յատկանշական ձեռնարկ մը։ Սա գիրքի շնորհանդէս մըն էր, սակայն, ըստ էութեան, ներկաներուն տեսակէտէ նշանակեց շատ աւելին։ Երեկոյթի ընթացքին ծանօթացուեցաւ Արշակ Ալպօյաճեանի կողմէ հեղինակուած «Մալաթիոյ հայերը. աշխարհագրութիւն, պատմութիւն, ազգագրութիւն» յայտնի գիրքին թրքերէն թարգմանութիւնը, որ հրատարակուած էր՝ համագործակցութեամբ Մալաթիահայոց հայրենակցական միութեան եւ «Արաս» հրատարակչութեան։ Արշակ Ալպօյաճեան, որ իր ժամանակի կարեւոր բանասէրներէն ու պատմաբաններէն մին է, այս կարեւոր գործով ապահոված էր լուրջ ներդրում մը գաւառներու հայութեան վերաբերեալ։ Գիրքին թրքերէն թարգմանութիւնը կատարուած է Սիրվարդ Մալխասեանի կողմէ։ Համավարակէն առաջ «Արաս» հրատարակչութեան «Եսայեան» սրահին մէջ Զաքարիա Միլտանօղլու ելոյթով մը ծանօթացուցած էր այս գիրքը։ Այժմ, երէկուան ձեռնարկը երկար ընդհատումէ մը վերջ եղաւ շարունակութիւնը այդ առաջին գինեձօնին։
Կեդրոնական սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Գէորգ Սիմքէշեան եւ գործակից ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրասիրեցին մշակութասէրները, որոնք հետաքրքրութեամբ հետեւեցան հաւաքոյթին։ Մալաթիահայոց հայրենակցական միութեան վարչայիններն ալ ներկայ էին ձեռնարկին։