ԻԼՊԷՐ ՕՐԹԱՅԼԸԻ ՀԵՏ ԶՐՈՅՑ

Երէկ երեկոյեան, Սկիւտարի սանուց միութեան մէջ տեղի ունեցաւ հետաքրքրական ասուլիս մը։ Այսպէս, զրոյցի մը համար միութիւն հրաւիրուած էր յայտնի պատմաբան Իլպէր Օրթայլը։ Իր հետ հարցազրոյց մը վարեց ուսուցչուհի Աննա Սարը Սեչքին։ Իլպէր Օրթայլը երեկոյթի ընթացքին ընդհանրապէս խօսեցաւ մեր աշխարհագրութենէն ներս հայոց ներկայութեան մասին։ Ան ընդգծեց, որ երբ թուրքերը մուտք գործեցին Անատոլու, հայերը արդէն այնտեղ էին։

Պատասխանելով զանազան հարցումներու՝ Իլպէր Օրթայլը երեկոյթի ընթացքին ժամանակագրականօրէն ամենահին շրջաններէն սկսելով բացատրեց հայոց ներկայութիւնը։ Այդ ամբողջին մէջ ան անդրադարձաւ նաեւ առանձին դէմքերու եւ առանձին դէպքերու։ Աշխարհահռչակ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսկիի մեծ վաստակին եւ հայկական արմատներուն մասին խօսելու առընթեր Իլպէր Օրթայլը կանգ առաւ նաեւ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի անմոռանալի գահակալներէն երանաշնորհ Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեանի վառ անհատականութեան վրայ։ Յայտնի պատմաբանը նշեց, որ Օրմանեան Պատրիարք թէ՛ իր ժողովուրդին եւ թէ պետութեան տեսակէտէ դրական գործունէութիւն ծաւալած անձնաւորութիւն մըն էր։ Իլպէր Օրթայլը մասնաւորապէս խօսեցաւ նաեւ Ֆաթիհ Սուլթան Մեհմէտի կողմէ հայոց նկատմամբ ցուցաբերուած շատ դրական վերաբերմունքին շուրջ։ Ըստ իրեն, առհասարակ Օսմանեան պետութեան ժամանակաշրջանին բոլոր արհեստները եւ բժշկութեան նման կարեւոր բնագաւառները հայոց ձեւով մը վերահսկողութեան տակ էին։ Արդարեւ, այդ շրջաններուն հայերը իրենց ուսման բարձր մակարդակով կ՚առանձնանային։

Երեկոյթի տեւողութեան Իլպէր Օրթայլը մատնանշեց նաեւ ուրիշ հետաքրքրական հանգամանք մը։ Ըստ իրեն, մեթրոյի շինարարութիւններու ժամանակ կատարուած աշխատանքներուն ատեն յայտնաբերուած են 17-րդ դարէ մնացած հայկական բնակչութեան շրջաններ կամ թաղամասեր։ Բայց եւ այնպէս, ընդհանրապէս այդ բոլորին մասին հրապարակումներ չեն կատարուած։

Իլպէր Օրթայլըի հետ Սկիւտարի սանուց միութեան մէջ կազմակերպուած ասուլիսը արժանացաւ հետաքրքիրներու անմիջական ուշադրութեան։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2018