ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԻՆ

Երէկ, հայճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճուն, որուն կ՚ընկերանային նոյն խորհուրդի սիւներէն Նազար Գալփաքճը եւ թաղի վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Արա Էրօլ Չընար։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին հիւրերը յայտնեցին, որ փափաքած էին տեղեկութիւններ փոխանցել Եշիլգիւղի ընտանիքին կողմէ ծաւալուած գործունէութեան շուրջ։ Արդարեւ, այս շաբաթավերջին նախատեսուած է Եշիլգիւղի վարժարանի ի նպաստ տարեկան աւանդական հանգականութիւնը։ Թաղային խորհուրդը սիրոյ սեղանի ընդառաջ մամուլի միջոցաւ մեր համայնքին տեղեկութիւն կը փոխանցէ Եշիլգիւղի ընտանիքի ընդհանուր կացութեան շուրջ։

Զրոյցի տեւողութեան թաղականները յայտնեցին, որ Եշիլգիւղի հայոց վարժարանը ապահոված է որոշ զօրակցութիւն մը աշակերտութեան ծնողներուն հետ, սակայն յամենայնդէպս ինքնաբաւ ըլլալէ հեռու է եւ կը կարօտի համայնքի զօրակցութեան։

Միեւնոյն ժամանակ, այցելութեան ընթացքին թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները բացատրութիւններ տուին եկեղեցապատկան կալուածներու վերաբերեալ հարցերուն շուրջ։

Յաջողութիւն կը մաղթենք Եշիլգիւղի ընտանիքին։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2017