ԷՍԱԵԱՆԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԱՄԱՆՈՐԻ ՔԷՐՄԷՍԻ ԱՌԹԻՒ ԱՊՐԵՑԱՒ ՄԵԾ ԽԱՆԴԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆ

Էսաեանի ընտանիքը վերջին երկու օրերուն մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ վարժարանին ի նպաստ Ամանորի սեմին կազմակերպուած աւանդական քէրմէսին առթիւ։ Դպրոցի սրահին մէջ կեանքի կոչուեցաւ երկօրեայ ծրագիրը։ Երէկ, օրուան սկիզբին, քէրմէսի բացման  ներկայ գտնուեցան նաեւ Էսաեան վարժարանի լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշան եւ միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթեփէ։ Դպրոցի ծնողաց միութեան եւ քէրմէսի յանձնախումբի համատեղ ջանքերով կազմակերպուած էր այս ձեռնարկը։ Զանազան թաղերէ համակիրներ այցելեցին Էսաեան վարժարան եւ տաղաւարներու վրայ գտան ճոխ տեսականի մը, որ դրուած էր իրենց տրամադրութեան տակ։ Այս տարի դպրոցի անգլերէնի ակումբի աշակերտներն ալ ունէին տաղաւար մը քէրմէսի սրահէն ներս։ Արդարեւ, անոնք փափաքած էին զօրակցութիւն ապահովել իրենց ընկերային ծրագրերուն համար։ Տղաքը այդ տաղաւարին վրայ ներկայացուցին շարք մը զարդի իրեղէններ եւ զանազան երկիրներէ ուտեստեղէններ։ Ընդհանուրին մէջ ալ քէրմէսի այցելուներու տրամադրութեան տակ դրուեցաւ ճոխ տեսականի մը՝ ամանորեան շրջանի բնորոշ իրեղէններով, զարդերով, ձեռագործներով, ուտեստեղէններով եւ այլն։ Քէրմէսի կազմակերպման ուղղութեամբ պատասխանատուութիւն ստանձնած էին հետեւեալ անունները. Զեփիւռ Կիրակոսեան, Նատիա Զիւլէմեան, Անի Պահարօղլու, Կիւլվարդ Պահարօղլու, Նազլը Պոզ, Պրիան Շիլէլեան, Պերճուհի Օվակիմ, Մարի Սարաճեան, Ֆիլոր Կազէր, Նուարդ Խաչերեսեան, Վարդուհի Ֆենտ, Կիւլիզար Ահպապ, Զեքիյէ Տաշ, Վարդանոյշ Տուրմազկիւլէր, Սօնա Քէշիշեան, Անժէլ Այտէտէ, Թալին Չոփուր, Լիտիան Եշիլթեփէ, Ժիւլիէթ Մինազ, Մարին Տաղ, Ռեժին Քելլէճի, Սօֆիա Ավճը, Հելէն Մուրատճըօղլու, Թանիա Չիղտէմ, Սիլվա Պիւյիւքլոքէր, Սիլվա Պետիսեան, Սիրվարդ Քէշիշօղլու եւ Նազլը Քըզըլեափրաք։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2017