Ուրբաթ 7, Փետրուար 2025
ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՎԿԱՅԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՅԱՆՁՆՈՒՄ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ երեկոյեան Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց «Մենթի-մենթէօր» ծրագրի 2021-2022 շրջանի մասնակիցները, որոնց յանձնեց վկայականներ։ Երիտասարդները նախ Պատրիարքարանի համալիրէն ներս շրջայց մը կատարեցին՝ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեանի գլխաւորութեամբ։ Աւելի վերջ, պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխման արարողութիւնը, որու ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան կողքին էին տքթ. Մերի Թաքսի-Տեւէճեան եւ Ժպիտ Էօղէր, որոնք կը համակարգեն «Մենթի-մենթէօր» ծրագիրը։ Նորին Ամենապատուութիւնը հաւաքոյթի ընթացքին հանդէս եկաւ օրհնութեան խօսքով մը։
Երեքշաբթի, Յունիս 21, 2022