ՏԽՐՈՒՆԻ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ յետմիջօրէի ժամերուն յանկարծամահ եղած է մեր համայնքի այնքան սիրուած եւ յարգուած դէմքերէն մին՝

ՏԻԱՐ
ՄՈՒՐԱՏ ՔԷՅԻՇՕՂԼՈՒ

Գարակէօզեան տան սաներէն եւ Գարակէօզեան սանուց միութեան երախտաշատ կամաւորներէն էր Մուրատ Քէյիշօղլու, որ արհեստավարժ կեանքի մէջ դրական համբաւ ձեռք բերած էր՝ որպէս վարպետ ելեկտրագործ։ Կեանքի պայմաններուն բերումով կանուխ տարիքէ աշխատանքային կեանքի նետուած Մուրատ Քէյիշօղլու տասնամեակներ շարունակ եղած էր ընտանեկան տիպար հայր մը եւ բոլորին սիրտը գրաւած՝ որպէս համեստ մարդ, որ պատրաստակամ էր իր հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ ամէն տեսակ օգնութիւն մատուցելու։ Իր կողակցին՝ Ազնիւ Քէյիշօղլուի հետ ոտքի կը պահէր՝ հայկական նահապետական ընտանիքի բնորոշ ջերմ բոյն մը, ուր բոլորին բաժին կար իրենց անշահախնդիր սէրէն եւ գուրգուրանքէն։ Մուրատ Քէյիշօղլու կեանքի պայքարի բոլոր դժուարութիւններուն կուրծք տալով իր կողակցին հետ հասցուցած էր երկու օրինակելի զաւակներ եւ հազար ափսոս, որ անդրանիկ թոռնիկը գրկելու ուրախութիւնը Նախախնամութիւնը զլացաւ իրմէ եւ ան անակնկալօրէն հեռացաւ երկրաւոր կեանքէն։ Ան սիրելիները լքեց այնպիսի պահու մը մէջ, երբ իր ամբողջ ընտանեկան յարկը համակուած էր՝ շաբաթներ, նոյնիսկ օրեր անց նորածինը ողջունելու խանդավառութեամբ եւ ուրախութեամբ։

Մուրատ Քէյիշօղլու հայրն էր ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքի մեր շատ սիրելի ընկերուհիներէն Աննա Քէյիշօղլուին, որ գրեթէ պատանի հասակէն ի վեր մեծ նախանձախնդրութեամբ ու զոհողութեամբ կ՚աշխատի թերթիս յարատեւութեան համար։ Նորոգ հանգուցեալ Մուրատ Քէյիշօղլու եւս երբեք իր մասնագիտական վարպետութիւնը չէր զլանար ԺԱՄԱՆԱԿ-էն՝ մասնաւորապէս հոգածութեան առարկայ կը դարձնէր թերթիս տպարանը, որու համեստ պայմաններէն քաղուած արդիւնքը առաւելագոյն մակարդակի վրայ պահելու համար ի սպաս կը դնէր վարպետութիւնը։

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքին տեսակէտէ իսկապէս դժուար է հաշտուիլ անոր անժամանակ կորուստին հետ։ Կը մաղթենք, որ իր յաւիտենական նենջը ըլլայ խաղաղ եւ Նախախնամութիւնը զինքը արժանացնէ երկնային անթառամ պսակներու։

Այս ցնցիչ կորուստին առթիւ խորազգած վշտակցութիւններ կը յայտնենք իր այրիին՝ Ազնիւ Քէյիշօղլուին, զաւակներուն՝ մեր ամենասիրելի ընկերուհի Աննա Քէյիշօղլուին, Առնոն-Կիւնէշ Քէյիշօղլու ամոլին, բոլոր հարազատներուն եւ ընտանեկան պարագաներուն։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2023