ՆՈՐ ԵՂԱՆԱԿԻ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ԲԱՑՈՒՄ

Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգախումբը արդէն բացաւ նոր եղանակը։ Երէկ երեկոյեան, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ 2024-2025 շրջանի առաջին հաւաքը, որու ընթացքին դպրաց դասու նախագահ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան իր օրհնութիւնը տուաւ երգչախումբի բոլոր անդամներուն։ Ան մաղթեց, որ երգչախումբի գործունէութիւնը կայուն հունի մը մէջ շարունակուի՝ ինչպէս միշտ արժանանալով համայնքային շրջանակներու գնահատանքին։

Եղանակի առաջին հաւաքին արտայայտուեցաւ նաեւ խմբավար Յակոբ Մամիկոնեան, որու մականին ներքեւ տարիներէ ի վեր յարատեւ վերելք կ՚արձանագրէ երգչախումբը։ Յակոբ Մամիկոնեան ամփոփ արժեւորում մը ըրաւ մօտաւոր անցեալին տարուած աշխատանքներուն շուրջ եւ յոյս յայտնեց, թէ նոր տարեշրջանին եւս ձեռքբերումները կը շարունակուին։

Եղանակի առաջին հաւաքին երգչախումբի բազմամեայ անդամներէն երաժիշտ Հերման Արթուչին յանձնուեցաւ յուշանուէր մը՝ 95-ամեակի յոբելեանի շրջանակներէն ներս։

Հաւաքի տեւողութեան երգչախումբի անդամները բարձր տրամադրութեան մէջ զրուցեցին, բաժնեցին զիրար վերագտած ըլլալու ուրախութիւնը եւ աշխատանքի լծուեցան այն վստահութեամբ, թէ Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի երթը կ՚ըլլայ յարատեւ ու նոյն բարձր մակարդակին վրայ։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 21, 2024