ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց պատմագէտ Արզու Ուլաշն ու բարձր ճարտարապետ Պիւշրա Պաթուն։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ «Կոլոտ Պատրիարք» թանգարանի պատասխանատու Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։

Ուլաշ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար եւ տեղեկութիւններ փոխանցեց իր նոր ուսումնասիրութեան մասին, որ գիրքի վերածուած էր Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ։ Հանդիպման ընթացքին Ուլաշ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նուիրեց «Osmanlı Belgeleri Işığında İstanbul Yer Altı Yapıları» խորագրեալ գիրքէն օրինակ մը։ Արզու Ուլաշ յայտնեց, որ իր ակադեմական աշխատասիրութիւնն էր այս մէկը, որուն վրայ երկար ժամանակ աշխատած էր եւ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնն ալ գնահատելով որոշած էր զայն ի լոյս ընծայել։ Վերջերս Այա Սոֆիայի երբեմնի կրթարանի սրահներուն մէջ կատարուեցաւ գիրքին շնորհանդէսը։ Ուլաշ նաեւ շեշտեց գիրքի այն կարեւոր երեսակը, թէ նախապէս նման աշխատութիւն եղած է, սակայն սա առաջին անգամն է, որ այսքան մանրամասն եւ վաւերագրական փաստաթուղթերով գիրք մը լոյս կը տասնէ։ Հեղինակը օգտագործած է շուրջ 450 վաւերագիր։ Ուլաշ ըսաւ, որ գիրքին մէջ անդրադարձած է Հայոց Պատրիարքարանի ստորգետնեայ մասերուն, Սուլումանասթըրի, ինչպէս նաեւ Պալըքլըի յունաց վանքի եւ լուսաղբիւրին։ Ան ուրախութիւն յայտնեց, որ գիրքի շնորհանդէսին մասնակցած էր Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։

Իր կարգին, Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց նուիրուած գեղատիպ հատորին համար եւ շեշտեց պատմութեան կարեւորութիւնը։ Ան ըսաւ, որ կը պատմուի, թէ Կոնստանդին թագաւոր այս քաղաքը կառուցած է երկյարկանի՝ մէկը ստորերկրեայ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ուրախութիւն յայտնեց գիտական մակարդակի վրայ նոր հատորի մը հրատարակման կապակցութեամբ։

Հանդիպման աւարտին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շնորհաւորեց Արզու Ուլաշն ու Պիւշրա Պաթուն եւ անոնց մաղթեց նորանոր յաջողութիւններ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 21, 2023