ՍԱՆԱՍԱՐԵԱՆ ԽԱՆԻ ՍԵՓԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ԴԱՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ
Ընկերային ցանցերու վրայ այս շրջանին լայն արձագանգ կը գտնէ, որ Սիրքէճիի պատմական Սանասարեան խանի շէնքը վերածուած է պանդոկի մը։ Այսպէս, այնտեղ ծառայութիւն կը մատուցէ «Մարիոթ» պանդոկներու աշխարհատարած ցանցը։
Այս վարձակալութեան կարգադրութիւնը կատարուած է Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ՝ մինչ համայնքային շրջանակները կը սպասեն խանի վարձակալութեան իրաւունքի վերաբերեալ դատական գործընթացի աւարտին։ Ինչպէս ծանօթ է, Պատրիարքական Աթոռը հետամուտ է Սանասարեան խանի սեփականութեան իրաւունքը վերաձեռքբերելու։ Արդարեւ, անցեալի համայնքապատկան այս յայտնի կոթողային կալուածին սեփականութեան իրաւունքը աւելի վերջ առգրաւուած է։ Այդ վիճելի կարգադրութեան դէմ Պատրիարքական Աթոռը օրինական, իրաւական պայքարի ձեռնարկած է երկար ժամանակէ ի վեր։ Ընթացքին արձակուած է նաեւ դատավճիռ մը, որով Սանասարեան խանի սեփականութեան իրաւունքը վերադարձուած էր Պատրիարքարանին։ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը, սակայն, որոշած էր այդ որոշումը վիճարկել։ Ներկայիս գործը Վերաքննիչ ատեանի մօտ է։ Հասկնալի է, որ տակաւին երկարաշունչ գործընթաց մը խնդրոյ առարկայ պիտի ըլլայ, սակայն, համայնքային շրջանակները կը յուսան, թէ ի վերջոյ արդարութիւնը պիտի վերահաստատուի։ Սա նաեւ կ՚ենթադրէ Պատրիարքարանի տեսակէտէ՝ մշտական հասոյթի տիրանալու հեռանկարով։