ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ-ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՀԱՄԵՐԳԻ

Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Սամաթիոյ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի ներկայացուցիչները։ Այսպէս մեր հիւրերն էին Խաչիկ Սրկ. Սարըլը, Անգինէ Էվեափան, Սէրլի Զէքի եւ Ղուկաս Արզուման։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին հիւրերը տեղեկացուցին, որ երգչախումբը կը պատրաստուի համերգի մը։ Միջոցառումը պիտի ունենայ յոբելենական բնոյթ՝ ձօնուած ըլլալով դպրաց դասու հիմնադրութեան 315-ամեակին եւ երգչախումբի կազմութեան 80-ամեակին։ Սահակեան երգչախումբը հանդէս պիտի գայ Սեւան Ակօշեանի խմբավարութեամբ եւ նուագախումբի մը ընկերակցութեամբ։

Այս առաւօտեան հաճելի զրոյցի ընթացքին մեր հիւրերը յայտնեցին, որ աշխատանքներ յառաջ կը տարուին՝ գեղարուեստասէրներուն որակեալ համերգ մը մատուցելու նպատակով։ 

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2017