ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԸ ՊԻՏԻ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԷ ՀԱՅԿ ԱՍԼԱՆԵԱՆԸ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ Պատրիարքական Աթոռը որոշած է պարգեւատրել մեր համայնքի բարերարներէն Հայկ Ասլանեանը։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի տնօրինութեամբ յառաջիկայ ամիս իրեն պիտի շնորհիւ «Կոլոտ» շքանշանը։ Ծանօթ է, որ երանաշնորհ Յովհաննէս Բաղիշեցի Պատրիարքի յիշատակին հաստատուած այս շքանշանը կը շնորհուի բարերարներուն։
Հայկ Ասլանեանի շքանշանը պիտի յանձնուի յառաջիկայ Յունուարին, Գումգաբուի մէջ։ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ նախատեսուած Կեդրոնական վարժարանի ի նպաստ տարեկան սիրոյ սեղանին զուգահեռ պիտի կատարուի պարգեւատրումը։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յարմար դատած է սոյն արարողութեան ընթացքին պարգեւատրել Հայկ Ասլանեանը։ Արդարեւ, բարերարը այդ մետայլը պիտի ստանայ ի վարձատրութիւն մեր զանազան կրթական հաստատութիւններուն բերած նպաստին՝ մանաւանդ Գարակէօզեան Տան, Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանին եւ Կեդրոնականին, որու շրջանաւարտներէն մին է Հայկ Ասլանեան։
Համայնքային շրջանակները կ՚ողջունեն Պատրիարքարանի այս կարգադրութիւնը՝ հաշուի առնելով Հայկ Ասլանեանի կողմէ երկար տարիներէ ի վեր բերուած անփոխարինելի ներդրումը։