ՄԱՀ՝ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՏԵՄԻՐՃԻԻ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է համայնքային շրջանակներու համակրելի դէմքերէն, եկեղեցական կեանքի ազնիւ սպասաւոր Անդրանիկ Սրկ. Տեմիրճիօղլու։ Աւելի քան տարիէ մը ի վեր ան կը գտնուէր բժշկական խտացեալ խնամքի տակ։
Անդրանիկ Սրկ. Տեմիրճիօղլու, որ Կէտիկփաշայի ընտանիքին ծանօթ անուններէն մին է, աւելի քան տարի մը առաջ անակնկալօրէն անցուցած էր ծանր հիւանդութիւն մը։ Ուղեղի արիւնահոսութեան հետեւանքով ան կորսնցուցած էր իր գիտակցութիւնը եւ առնուած՝ բժշկական վերահսկողութեան տակ։ Թէ՛ իրեն ցուցաբերուած մասնագիտական օգնութիւնը եւ թէ ընտանիքին ջերմ խնամքը դժբախտաբար մնացին անբաւարար եւ ան այս շաբաթավերջին աչքերը փակեց կեանքին՝ խոր սուգի մատնելով իր ընտանիքն ու բարեկամական շրջանակը։ Ան կ՚անդամակցէր Կէտիկփաշայի Զուարթնոց Դպրաց Դաս-երգչախումբին, սպասաւորութիւն մատուցած էր նաեւ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ։
Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք իր բարի հոգւոյն ու կը ցաւակցինք իր այրիին եւ զաւակներուն։