ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԳԱՐԹԱԼԻ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Գարթալի Ս. Նշան եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արթին Չանքարն ու անդամներէն Արէտ Չաքըճըն։ Ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, որ միեւնոյն ժամանակ այս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւն է։

Թաղականները տեղեկութիւններ տուին իրենց աշխատանքներուն շուրջ՝ մասնաւորապէս ընկերային օժանդակութեան ոլորտէ ներս։ Անոնք նաեւ հրաւէր ուղղեցին Նորին Ամենապատուութեան, որպէսզի յառաջիկայ Մեծ պահքի շրջանին բարի ըլլայ նախագահել Գարթալի եկեղեցւոյ մէջ նախատեսուած Արեւագալի արարողութեան։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գոհունակութեամբ եւ գնահատանքով արտայայտուեցաւ թաղային խորհուրդի կողմէ՝ ընկերային օժանդակութեան պարագային որդեգրուած զգայնութիւններուն շուրջ։ Ան օրհնեց թաղականներու սիրայօժար ծառայութիւնը եւ այս հեռաւոր թաղի եկեղեցւոյ կանթեղը վառ պահելու ուղղեալ նախանձախնդիր գործունէութիւնը։

Երեքշաբթի, Փետրուար 22, 2022