ՏԱՏԵԱՆ ՎՐԺ.Ի ՅՈԲԵԼԵԱՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ՅՈՒՇԱՄԱՏԵԱՆԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Պաքըրգիւղի ընտանիքէն ներկայացուցիչներ։ Այսպէս, Նորին Ամենապատուութեան ներկայացան Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն Մարի Եանճը եւ Սիլվա Աթընըզ, ինչպէս նաեւ Տատեան վարժարանի տնօրէնուհի Երանուհի Պալճը եւ նախկին տնօրէնուհի Հերմինէ Պէնլիօղլու։ Զրոյցի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր տեղեկացուեցաւ, որ յուշամատեանի մը պատրաստութեան ձեռնարկուած է՝ Տատեան վարժարանի հիմնադրութեան 175-ամեակի յոբելեանին առթիւ։ Խմբագրի պաշտօնը վստահուած է Հերմինէ Պէնլիօղլուին, որ ցարդ որոշ չափով հասունցուցած է աշխատանքը։

Նորին Ամենապատուութիւնը ուրախութիւն յայտնեց այդ ծրագրին կապակցութեամբ եւ յաջողութեան մաղթանքներ յղելու առընթեր, փոխանցեց իր օրհնութիւնները։

Երեքշաբթի, Փետրուար 22, 2022