ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Ֆէրիգիւղի ընտանիքէն ներկայացուցիչներ։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն եւ համանուն դպրոց դաս-երգչախումբի տնօրէն խորհուրդէն պատասխանատուներ Գումգաբու փութացած էին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հրաւիրելու համար այս շաբաթավերջի աւանդական տօնակատարութիւններուն։ Արդարեւ, ամէն տարի Բուն Բարեկենդանին կը տօնախմբուի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի հիմնադրութեան տարեդարձը։ Անոնք խնդրեցին, որ Նորին Ամենապատուութիւնը հովանաւորէ եւ նախագահէ տօնակատարութիւններուն։

Բարձր գնահատելով Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի գործունէութիւնը՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յիշեցուց, որ իր երանաշնորհ նախորդներու շրջանէն ձեւաւորուած է նախընթաց, որ կը տեւականացուի իր կողմէ։ Ուստի, ան խոստացաւ ընդառաջել հրաւէրին։ Նորին Ամենապատուութիւնը ուրախութեամբ ընդգծեց, որ հայաշատ մեր այս թաղի դպրաց դասը աշխատասէր է, հակառակ համավարակի դժուար պայմաններուն միշտ ջատագով կը մնայ աւանդութիւնները կենդանի պահելու եւ Ֆէրիգիւղի եկեղեցւոյ կանթեղի վառ պահման ուղղութեամբ կ՚ունենայ կարեւոր ներդրում։

Երեքշաբթի, Փետրուար 22, 2022