ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԳԼԽԱՒՈՐ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ՏՈՄՍԵՐԸ ՀԱՍԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան հասարակական ծառայութեան ծիրէն ներս, համայնքիս կարիքաւոր ընտանիքներու համար յատկացուած 567 զոյգ օժանդակութեան տոմսը, այս շաբաթ հասաւ Պատրիարքարան։

Ինչպէս ծանօթ է, Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան հասարակական ծառայութեան բաժանմունքի ղեկավար Եավուզ Սալթըք, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի եւ Պատրիարքարանի ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի անդամներուն հետ վերջերս ունեցած էր տեսակցութիւն մը։ Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին Եավուզ Սալթըք Աթոռի ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի գործունէութեան մասին լսելով՝ յայտնած էր, թէ գլխաւոր քաղաքապետութիւնը եւս կրնայ օժանդակել իրենց։

Պատրիարքարան հասած օժանդակութեան ծրարներուն մէջ կը գտնուին Իսթանպուլի քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուի նամակը եւ երկու հատ «ՇՈՔ նուէրի տոմս», որոնց իւրաքանչիւրը կ՚արժէ 50 լիրա։ Իմամօղլուի գրութեան մէջ յատկանշական է հետեւեալ բարեմաղթութիւնը. «Այս դժուարին օրերը միասնաբար պիտի յաղթահարենք, միասնաբար պիտի յաջողինք»։ Պատրիարքարան հասած տոմսերը, Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբին եւ եկեղեցեաց աղքատախնամ մարմիններու համագործակցութեամբ յաջորդ շաբաթ պիտի յանձնուին կարիքաւոր ընտանիքներուն, պատրաստուած պարէնի տուփերու առընթեր։ Իբր այդ, քաղաքապետութենէն հասած այս օժանդակութիւնը Պատրիարքական Աթոռոյ ձեռամբ պիտի յանձնուի համայնքի կարիքաւոր անդամներուն։

Բաց աստի, Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի անդամները շնորհակալութիւն յայտնեցին Էքրէմ Իմամօղլուին եւ Եավուզ Սալթըքին։

Երկուշաբթի, Մարտ 22, 2021