ՍՐԲՈՑ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ՂԱԼԱԹԻՈՅ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ աւանդական շուքով նշեց Սրբոց Թարգմանչաց տօնը։ Քաղաքիս մէջ ալ տեղի ունեցան փայլուն տօնակատարութիւններ։ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Ս. Թարգմանչաց տօնակատարութիւններուն հանդիսապետեց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չընարեան։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան, Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան եւ Տ. Կորիւն Ա. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Յակոբ Սրկ. Սարաֆ եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան խումբ մը Ուխտաւոր դպիրներու կողմէ՝ Յարութիւն Սարգիսեանի ղեկավարութեամբ։

Օրուան քարոզին մէջ հանդիսադիր սրբազան հայրը յայտնեց, որ աշխարհի վրայ մարդ արարածը անասուններէն կը տարբերի նախ եւ առաջ իր խօսելու ընդունակութեամբ, լեզուով ու գիրով։ «Լեզուն ու գիրը մեր կողմէ յաջորդ սերունդներուն թողուելիք ժառանգ մը կը համարուին եւ ներայիս մենք ալ այդ ժառանգը կ՚օգտագործենք։ Մեր նախնիք շատ վաղ ժամանակներու մէջ գիտակցեցան գիրի կարեւորութեան։ 301 թուականին հայերը պետական կրօն հռչակեցին քրիստոնէութիւնը, իսկ 404 թուականին ունեցանք մեր այբուբենը։ Այսօր Սուրբ Սահակ Պարթեւն ու Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցը կ՚ոգեկոչենք, որովհետեւ անոնց կը պարտինք մեր 1600-ամեայ գիրը եւ մշակոյթը։ Այբուբենի հնարուելէն առաջ Հայաստան բաժնուած էր երկուքի։ Կէսը Պարսկաստանի տիրապետութեան տակ էր, իսկ միւս կէսը՝ Բիւզանդիոնի։ Այս երկու մշակոյթի ազդեցութեան տակ էր։ Այդ շրջանի պայմաններով յիսուն տարի վերջ մեր մշակոյթը կրնար ոչնչանալ։ Ահա մեր թարգմանիչները կանխատեսեցին այդ վտանգը եւ օրուայ հայոց թագաւորի նկատառման յանձնեցին սոյն խնդիրը՝ ձեռնարկելով աշխատանքի», ըսաւ նորին սրբազնութիւնը։

Աւելի վերջ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան անդրադարձաւ աւելի արդի խնդիրներու եւ ըսաւ. «Հայոց լեզուն պիտի վերջանա՞յ մեզի հետ։ Ո՞վ պիտի խօսի այս լեզուն։ Մենք հայերէնը կ՚ուսուցանենք օտար լեզուի նման եւ դպրոցէ դուրս չենք օգտագործեր։ Սա մեր սերունդի մարտահրաւէրն է։ Մարդ ինքնաբուխ պէտք է խօսի լեզուն. ծնողներու կամ ուսուցիչներու ճնշումով չ՚ըլլար այս գործը, թէեւ մենք մեր կարելին պէտք է տանք նոր սերունդին։ Երեք սերունդ առաջ Իսթանպուլի մէջ հայերէնն էր մեր առօրեայ լեզուն։ Այսօր հայերէն գիտցողներն ալ թրքերէն կը խօսին։ Հեռատեսիլի ծրագրի մը վրայ հետեւած էի. Ափրիկէի մէջ երեսուն տարի անձրեւէ զուրկ մնացած բազում վայրերէ ներս երբ երեսուն տարի վերջ կ՚անձրեւէ, ապա բոյսերը կը վերակենդանանան։ Որովհետեւ հունտերը գոյութիւն ունին հողին մէջ։ Ես համոզուած եմ, որ մեր պարագան ալ պիտի բարելաւուի՝ եթէ նման դրական պայմաններ ստեղծուին։ Ես կը ճանչնամ բազում մարդիկ, որոնք շատ քիչ հայերէն գիտնալով հանդերձ՝ իրենց լեզուն խօսիլ կը սկսին, երբ կը մեկնին Հայաստան։ Ուստի, ես յոյս ունիմ»։

Ս. Պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ՝ անդարձ բաժնուած կրթական, գրչի ու մտքի մշակներու համար։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ Ղալաթիոյ խնամակալութիւնը յարակից «Կոլոտ» սրահին մէջ սարքեց սիրոյ սեղան մը։ Հաւաքոյթի ընթացքին հատուեցաւ կարկանդակ մը՝ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի անուանակոչութեան օրուան եւ Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեանի ծննդեան տարեդարձին առթիւ։ Խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլու եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին հոգեւոր հայրերը, դպիրներն ու հիւրերը։

Ուրբաթ, Յունիս 22, 2018