ՊԷԶՃԵԱՆ ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՀԱՆԴԷՍԸ
Պէզճեան Մայր վարժարանի մէջ տեղի ունեցաւ շրջանաւարտից հանդէս, որուն ներկայ գտնուեցաւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էին Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։
Հրանդ Մոսկոֆեանի գլխաւորած Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները, ինչպէս նաեւ վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Ժանէթ Շիրինօղլու եւ տնօրէնուհի Քլոտիա Ալթըփարմաք-Տեմիր հիւրընկալեցին պատուոյ հիւրերն ու ծնողները։ Վարժարանի սրահին մէջ կատարուած հանդիսութեան վերջաւորութեան աւարտական դասարանի չորս աշակերտները ստացան իրենց վկայականներն ու յուշանուէրները։ Այս առթիւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը փոխանցեց իր պատգամը ներկաներուն եւ շեշտեց Յարութիւն ամիրա Պէզճեանի հաստատած աւանդութիւնը, որուն որպէս արդիւնք Պէզճեան Մայր վարժարանը կը շարունակէ իր կրթանուէր գործունէութիւնը։ Այս առթիւ ան խրատներ տուաւ շրջանաւարտ աշակերտներուն եւ շնորհաւորեց իրենց ուսուցիչներն ու ծնողները։ Նորին Ամենապատուութիւնը անդրադարձաւ նաեւ նոր պաշտօնի կոչուած տնօրէնին եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր եւ հիմնադրի ներկայացուցիչին՝ ապագայ գործունէութեան կապակցութեամբ։
Հանդիսութեան աւարտին «Պէզճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շրջանաւարտութեան ընթրիքը, որուն եւս նախագահեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։