ՓԱՌԱՏՕՆԻ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՓԱԿՈՒՄ

Երիտասարդութեան եւ մարմնամարզի նախարարութեան աջակցութեամբ եւ Պատրիարքական Աթոռի խրախուսանքով կազմակերպուած Նաւասարդեան խաղերը շաբաթավերջին Գնալը կղզիի մէջ արտասովոր խանդավառութեան առիթ դարձան։ Այս անգամ ամառնային փառատօնի մը ձեւաչափին մէջ նախատեսուած ծրագիրը երէկ երեկոյեան հասաւ իր աւարտին։ Մինչ մարզախաղերու մէջ դափնեկիրները ստացան իրենց բաժակները կամ պարգեւները, գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր, որու ընթացքին հանդէս եկան մեներգչուհի Մարալ Այվազ, «Մարալ» համոյթը, ինչպէս նաեւ մեներգիչներ Պարթեւ Կարեան եւ Արի Պարութօղլու։ Եզրափակիչ փուլին ալ պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու ձեռամբ յուշանուէր մըն ալ յանձնուեցաւ Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանին։ Փառատօնի աւարտին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ շնորհաւորութեան խօսք մը արտասանեց։

Այս ծրագիրը խրախուսած կամ անոր կազմակերպչական աշխատանքներուն մասնակցած դէմքերը նաեւ միասնաբար ընթրեցին Գնալը կղզիի մէջ։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 22, 2022