ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԵՐԷԿ ՇՓՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ՍԵԲԱՍՏԻՈՅ ՄԷՋ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան դէպի գաւառ իր ուղեւորութեան հերթական փուլին երէկ շփումներ ունեցաւ Սեբաստիոյ մէջ։ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի ընկերակցութեամբ ան քաղաքավարական այցելութիւններ տուաւ Սեբաստիոյ կուսակալ Եըլմազ Շիմշէքին եւ քաղաքապետ Հիլմի Պիլկինին։ Հարկ է նշել, որ շուրջ 35 տարի վերջ առաջին անգամ Պատրիարքական Աթոռի գահակալ մը կ՚այցելէր Սեբաստիա։
Յիշեալ քաղաքավարական այցելութիւններուն առընթեր Նորին Ամենապատուութիւնը այցելեց Սեբաստիոյ թանգարանը եւ այլ սրբավայրեր։ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր հետ էին նաեւ Իսթանպուլէն մեկնած սեբաստահայեր։
Երեկոյեան Նորին Ամենապատուութեան իջեւանած պանդոկի սրահին մէջ սարքուեցաւ ճաշկերոյթ մը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ի պատիւ սարքուած սիրոյ սեղանին ժամանակ արտայայտուեցան Երուանդ Տուրմազկիւլէր, Տիգրան Թոկաչ, Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ գաւառի տեսուչ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան։ Երեկոյթը աւարտին հասաւ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր օրհնութեան խօսքով։