ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՔԱՐՈԶ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի պետ Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան երէկ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն նախագահեց Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, ան քաղաքս եկած էր՝ մասնակցելու համար նորոգ վախճանեալ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի վերջին օծման։ Հիւրաբար մեր մէջ գտնուելու ժամանակ Նորին Սրբազնութիւնը երէկ քարոզեց Եշիլգիւղի մէջ։

Օրուայ պատարագիչն էր Տ. Կորիւն Ա. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։ Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան քարոզին մէջ հաւատացեալներուն փոխանցեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութիւնները։

Արարողութեան աւարտին Նորին Սրբազնութեան ի պատիւ ճաշասեղան մը սարքուեցաւ Եշիլգիւղի թաղային խորհուրդին կողմէ։

Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան այսօր կէսօրուայ ժամերուն հրաժեշտ առաւ քաղաքէս՝ Քիեւ-Երեւան թռիչքով վերադառնալու համար Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2021