ԵՐԳԻ ՏԵՍԱՀՈԼՈՎԱԿ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ համակրելի մեներգչուհի Մարալ Այվազ կը շարունակէ երաժշտասէրներու ուշադրութեան առարկայ դառնալ՝ իր «Անվերջ խաւար» երգով։ Այս երգը նոյնացած է Մարալ Այվազի հետ, գեղարուեստասէրները այդ գործի՝ այնքան դիպուկ կատարումով ընկալել սկսած են Մարալ Այվազի արուեստը։ Վերջերս այս երգին համար պատրաստուած է նաեւ տեսահոլովակ մը։ «Քալան» երաժշտական հաստատութեան նպաստով Մարալ Այվազ պատրաստած է այս տեսահոլովակը։ Նոյն հաստատութիւնը արդէն ընկերային ցանցերու վրայ հասանելի դարձուցած է այդ տեսահոլովակը (յղումը՝ https://youtu.be/aXcbGZWbFjY)։ Տեսահոլովակի ստեղծագործական եւ արտադրական աշխատանքները կեանքի կոչուած են երկու յայտնի արուեստագէտներու՝ Հայկ Սայաթեանի (Երեւան) եւ Յարութիւն Արթօ Տավուլճեանի մականին ներքեւ։

Մարալ Այվազ այս կապակցութեամբ երախտագիտութիւն կը յայտնէ անոնց, ինչպէս նաեւ «Քալան» երաժշտական հաստատութեան սեփականատէր Հասան Սալթըքին։

Ուրբաթ, Ապրիլ 23, 2021