ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՏԻԿՆԱՆՑ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ յետմիջօրէին Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց պոլսահայ տիկնանց յանձնախումբերու ներկայացուցիչները։ Ս. Զատկի առթիւ կազմակերպուած շնորհաւորական հաւաքոյթի ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան կողքին էին Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Տիկնանց յանձնախումբերու ներկայացուցիչներու տօնական հաւաքի աւանդութիւնը այսպէսով վերակենդանացաւ՝ քորոնաժահրի համաճարակի սահմանափակումներով պայմանաւորուած ժամանակաշրջանէն վերջ։

Երէկուան հաւաքոյթի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը անդրադարձաւ մայրենիի կարեւորութեան եւ համայնքի նորահաս սերունդի կատարեալ դաստիարակութեան անհրաժեշտութեան։ Միեւնոյն ժամանակ, Նորին Ամենապատուութիւնը դիտել տուաւ, որ մեր համայնքի՝ մայրենիին անհաղորդ զաւակներն ալ պէտք է վայելեն եկեղեցիին խնամքն ու հոգածութիւնը։ Արդարեւ, եթէ անոնք չստանան իրենց ակնկալած հոգեւոր սնունդը սեփական եկեղեցիէն, ապա հարկադրաբար կը դիմեն այլոց։

Շաբաթ, Ապրիլ 23, 2022