ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան կը մեկնի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Նորին սրբազնութիւնը պիտի մասնակցի Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանին, որ տեղի պիտի ունենայ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ։ Գումգաբուի աղբիւրներու հաղորդումներով, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանէն ստացած հրաւէրով Տ. Արամ Արք. Աթէշեանն ալ ներկայ պիտի ըլլայ՝ 29 Մայիս-1 Յունիս թուականներուն նախատեսուած ժողովներուն։

Ընդլայնուած կազմով նստաշրջանին ընդառաջ Հայաստանի մէջ նախատեսուած են նաեւ շարք մը ձեռնարկներ՝ Առաջին հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեայ յոբելեանին առթիւ։

Ընդհանուր փոխանորդը Իսթանպուլ պիտի վերադառնայ ԳՀԽ-ի նստաշրջանէն վերջ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 23, 2018