ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ՎԱՂԸ ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ՀԱՆԴԷՍ ՊԻՏԻ ԳԱՅ CRR-Ի ՄԷՋ
Ֆէրիգիւղի Վարդանանց երգչախումբը վաղը երեկոյեան հանդէս պիտի գայ Հարպիյէի «Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյ» (CRR) համերգասրահին մէջ։ Այսպէս, CRR-ի սեմֆոնիք նուագախումբը վաղը ներկայ եղանակին բացումը պիտի կատարէ՝ Մուրատ Ճեմ Օրհանի մականին ներքեւ։ Թէ՛ Թուրքիայէն եւ թէ արտասահմանէն զանազան արուեստագէտներ պիտի մասնակցին այս ձեռնարկին, որու ընթացքին Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններէն եւ այլ շրջանակներէ բաղկացեալ մեծ երգչախումբ մը հանդէս պիտի գայ Պեթհովենի գործերէն մին ներկայացնելու համար։
Հարիւր տասնհինգ հոգիէ բաղկացեալ այս հսկայական երգչախումբին մաս պիտի կազմէ նաեւ Ֆէրիգիւղի Վարդանանց երգչախումբը՝ խմբավար Սիպիլ Արսէնեանի մականին ներքեւ։ Այսպէսով Վարդանանց երգչախումբն ալ ներկայ համերգաեղանակը եզրափակած պիտի ըլլայ CRR-ի բեմին վրայ։ Երգչախումբի անդամները մեծ խանդավառութեամբ պատրաստուած են վաղուան ձեռնարկին, որու ընթացքին անոնց մօտ կը տիրէ բացառիկ ոգեւորութիւն։