ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց RUMVADER-ի (Յունական վաքըֆներու զօրակցութեան եւ օժանդակութեան միութիւն) ներկայացուցիչները։ Խումբին մաս կը կազմէին Լաքի Վինկաս եւ Փրոֆ. Էլչին Մաճառ։ Հիւրերուն ուղեկցեցաւ Պոյաճըգիւղի Ս. Երից Մանկանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նազարէթ Էօզսահակեան։

Զրոյցի ընթացքին նորին սրբազնութիւնը տեղեկութիւն ստացաւ յոյն համայնքի այս կառոյցի գործունէութեան ու ծրագրերուն շուրջ։ Նորին սրբազնութիւնը մասնաւոր հետաքրքրութիւն ցոյց տուաւ փոքրամասնութիւններու երիտասարդներուն վերաբերեալ մշակուած ծրագրերուն։ Ան խոստացաւ նաեւ զօրակցիլ իր կարելիութիւններու սահմաններուն մէջ։

RUMVADER-ի ներկայացուցիչները հրաժեշտ առին՝ շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 23, 2017