ՆՈՐ ՎԱՐԻՉ, ՆՈՐ ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Բոլոր անոնք, որոնք պոլսահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին քիչ թէ շատ կը հետեւին, արդէն կրնան վկայել, թէ երաժշտական գետնի վրայ մեր համայնքի մղիչ ուժերէն մին է Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբը։ Միջոցէ մը ի վեր անցումային շրջան մը խնդրոյ առարկայ դարձած է Վարդանանց երգչախումբի պարագային, որովհետեւ բազմամեայ խմբավար Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանը եկած է փոխարինել Սիպիլ Արսէնեան։ Բնականաբար, նման իրավիճակներու մէջ հերթի փոփոխութիւնները կրնան դժուարութիւններու դուռ բանալ, սակայն, այս անցումային շրջանի լոյսին տակ կարելի է արձանագրել, որ Վարդանանց երգչախումբը խնայուած է ցնցումներէ։ Ակնյայտ է, որ վերջին տասնամեակներու փորձառութեան լոյսին տակ՝ Վարդանանց երգչախումբը ներկայիս ձեւով մը Ատրուշան Հալաճեանի դրոշմը կը կրէ, սակայն վարիչի փոփոխութիւնը երգչախումբի որակին ու մակարդակին տեսակէտէ մտահոգութիւններու պատճառ չէ դարձած։ Արդարեւ, ինչպէս նախկին վարիչը, այնպէս ալ նորը երաժշտական բնագաւառէ ներս արհեստավարժներ են։ Սա շատ կարեւոր հանգամանք մըն է, որովհետեւ Վարդանանց երգչախումբը թէ՛ հոգեւոր եւ թէ աշխարհիկ երաժշտութեան գետնի վրայ ունի մեծ յաւակնութիւններ, կը վայելէ մեծ համբաւ։ Այժմու հերթի փոփոխութիւնը, ընդհանրապէս, այն տպաւորութիւնը կը ստեղծէ, թէ խմբավար Սիպիլ Արսէնեան աշխարհիկ երաժշտութեան պարագային կրնայ երգչախումբի ապագան երաշխաւորել, իսկ իր փորձառութեամբ հոգեւոր երաժշտութեան ուղղութեամբ հմտանալն ալ կրնայ ձեռքբերումի մը վերածուիլ մեր համայնքին տեսակէտէ։

Վերջերս հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Վարդանանց երգչախումբի նոր խմբավար Սիպիլ Արսէնեանն ու տնօրէն խորհուրդի ատենապետ Սարօ Սիրականեանը։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին Սիպիլ Արսէնեան բացատրութիւններ տուաւ նոր առաքելութեան վերաբերեալ իր ընկալումներուն եւ երգչախումբին համար նախատեսած հորիզոններուն շուրջ։ Մեր զրոյցը ժամկէտի իմաստով յատկանշական հանգրուանի մը զուգադիպեցաւ, որովհետեւ Վարդանանց երգչախումբը նոր վարիչով արդէն նոր ուղեւորութեան մը կը պատրաստուի։ Այլ խօսքով, սա նոր վարիչով երգչախումբի առաջին ուղեւորութիւնն է, ինչ որ արտասովոր նշանակութիւն կը վերագրէ անոր։ Այսպէս, այս շաբաթավերջին Վարդանանց երգչախումբը պիտի մեկնի Յունաստան, ուր Քոմոթինիի մէջ մասնակցութիւն պիտի բերէ «Հայաստան» անունով կազմակերպուած փառատօնի մը։ Հայաստանը ներառեալ 8 երկիրէ 11 խումբ պիտի մասնակցի այս փառատօնի ծրագրին։ Այդ խումբերէն երկուքը երգչախումբ է, մնացեալները՝ պարախումբ։ Վարդանանց երգչախումբը ժամանման օրը՝ այս ուրբաթ, օգոստոսի 26-ին առաջին ելոյթը պիտի ունենայ։ Խմբավար Սիպիլ Արսէնեանի եւ սաներուն բուն համերգը նախատեսուած է օր մը վերջ՝ շաբաթ, 27 օգոստոսին։ Երգչախումբի գործադրելիք յայտագրին մաս պիտի կազմեն Կոմիտասի, Եկմալեանի, Չուխաճեանի նման մեծանուն վարպետներու ստեղծագործութիւնները։ Դաշնամուրով պիտի ընկերանայ Լիւսի Գահվէճիօղլու։

Քոմոթինիի մէջ Վարդանանց երգչախումբի անդամները պիտի մասնակցին նաեւ փառատօնի ծիրէն ներս նախատեսուած ընդունելութեան մը, որ պիտի համախմբէ բոլոր մասնակիցներն ու կազմակերպիչները։

Բարի ճանապարհ եւ յաջողութիւն կը մաղթենք Վարդանանց երգչախումբին՝ շնորհաւորելով նոր խմբավար Սիպիլ Արսէնեանը։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 23, 2022